Հանդիպում Հայ Կաթողիկէ Հաղորդամիջոցներու Յանձնախումբի Նախագահ՝ Արհի. Հ. Ռաֆայէլ Արք. Մինասեանի հետ
Նպատակն է՝ նորովի աշխուժացնել հայ կաթողիկէ հաղորդամիջոցների աշխատանքը
Մասնակիցներն էին հիմնադիր յանձնախումբի անդամներ՝ պրն. Ռոպէր Աթթարեան եւ հ. Վարդան Գազանճեան։ Հանդիպումը կատարուեցաւ Google meet-ով , երեկոյեան ժամը 19:00-ին (CEST)։
Հանդիպումին ընթացքին խօսուեցաւ Հայ Կաթողիկէ Հաղորդամիջոցներու մասին եւ Պատրիարքական Յանձնախումբին մասին։Առաջարկուեցաւ վերակենդանացնել Յանձնախումբին աշխատանքները, մանաւանդ համաճարակին պատճառած երկար դադարէն ետք։ Ներգրաւել նաեւ Լիբանանն ու Սուրիան, ինչպէս նաեւ Ամերիկաները։ Խօսուեցաւ Հռոմի մէջ գործող Radio Vaticana եւ Telepace Armeniaհաղորդամիջոցներու կարեւորութեան եւ անոնց հետ գործակցութեան մասին։ Ներկայացուեցաւ Հ.Կ. Պատրիարքութեան կայքէջի վիճակը։ Առաջարկուեցաւ յաջորդաբար խօսիլ Պէյրութի մէջ մնայուն քարտուղարութիւն մը ստեղծելու մասին։
Առաջարկուեցաւ Հ.Կ. Հաղորդամիջոցներու Պատրիարքական Յանձնախումբին համար ժողով մը կազմակերպել Յունիսի վերջաւորութեան (27-29), Google meet-ով կամ Zoom-ով։
Որոշուեցաւ Չորեքշաբթի 26 Մայիսին ժամը 19:00-ին (CEST) դարձեալ հանդիպիլ Հայր Սեպուհ Վրդ. Կարապետեանն ալ հրաւիրելով։
Առցանց հարթակ՝
20 Մայիս 2021
Հ. Վարդան Ծ. Վրդ. Գազանճեան