«Մեր մաղթանքն է, որ անոր մեծ օրինակին նման կարողանանք մոխիրներու տակէն վերստին կեանք ստեղծենք»
Հայաստանի Սրբոցն Հրեշտակապետաց Միացեալ Հոգեւոր Ճեմարանի տեսչութիւնը չէր կրնար աննշմար անցնիլ, Հայ ազգի պարծանքը հանդիսացող ` Կարդինալ Գրիգոր – Պետրոս Աղաճանեանի ծննդեան 125-ամեակի նկատմամբ:
Առ այդ ` Ուրբաթ, 18 Սեպտեմբեր 2020-ի, երեկոյեան ժամը 6-ին, Ճեմարանի մուտքի սրահին մէջ, հովանաւորութեամբ և նախագահութեամբ` Հայաստանի Վրաստանի, Ռուսաստանի, Ուկրանիոյ և Արեւելեան Եւրոպայի առաջնորդ՝ Արհի. Ռաֆայէլ Արք. Մինասեանի տեղի ունեցաւ յուշ երեկոյ մը նուիրուած Աղաճանեան Կարտինալին։
Հանդիսութեան բարի գալուստի խօսքը արտասանեց ` ճեմարանի փոխտեսուչ` Գեր. Պետրոս վրդ. Մարաշլեան:
Գեղարուեստական յայտագիրը կ’ընդգրկէր՝ երգ՝ «Ախ ինչքա՜ն ինչքա՜ն», ասմունքներ՝ Դանիէլ Վարուժանի «Ձօն»-ը եւ Եղիշէ Չարենցի «Ես իմ անոյշ Հայաստանի» բանաստեղծութիւնները: Ներկայացուեցաւ Աղաճանեան՝ «Անձն ու մեծ հոգեւորական»ը տեսաերիզ մը։
Ապա համանուն Հոգեւոր Ճեմարանի Տեսուչ՝ գեր. Հ. Մաշտոց վրդ. Զահթէրեանը ներկայացուց Աղաճանեան Կարդինալի խօսքը ուղղուած ժառանգաւորներուն։ Ան աւելցուց՝ «Կարտինալ Աղաճանեանի կեանքը թանկագին պարգեւ մըն է, երկնային, որ կը մղէ սիրելու եւ ընդունելու բոլորը «ըլլալու Աւետարանի ուղեւոր (առաքեալ)», իր ժողովուրդին եւ մինչեւ ամենահեռու սահմաններու վրայ ապրող անձին եւ իր եկեղեցւոյ համար»: Ապա անդրադարձաւ թէ՝ «Ան աղօթքի մարդ էր եւ անընդհատ կը պահէր իր միութիւնը Աստուծոյ հետ, որմէ ան երբեք չէր դադրեր բարեխօսելու այն հոգիներուն համար, որոնք իրեն յանձնուած էին»: Տեսուչ հայր սուրբը եզրափակելով իր խօսքը ըսելով. «Եւ այսօրուայ մեր առաքելութիւնն է նաեւ նոյն սրբութեամբ ապրել և գործել նուիրումով՝ ի մեծագոյն փառս Աստուծոյ։ Ան կը դառնայ մեր բարեխօսը առ Աստուած, որպէսզի շարունակէ պաշտպանել մեր դատերը, մեզի յոյս ներշնչէ փոթորիկներուն մէջէն անցնելու եւ յաղթական դուրս գալու։ Ահա Կարդինալը և իր գործերը, ահա մենք՝ այսօր։ Մեր մաղթանքն է, որ անոր մեծ օրինակին նման կարողանանք մոխիրներու տակէն վերստին կեանք ստեղծենք»։ Ապա, բարեբեր ուսումնական տարեշրջան մը մաղթելէ ետք հրաւիրեց առաջնորդ Սրբազան Հօր իր հայրական խօսքը փոխանցելու։ Ան խրախուսեց սաները հաւատքով մօտենալու և հայցելու Աստուծոյ ծառայ՝ Կարդինալի բարեխօսութիւնը։ Ապա կեանքի վկայութեամբ դրուատեց Կարդինալին ունեցած դրական ազդեցությունը իր անձնական կեանքի ուղիին եւ ընտրութեանը մէջ։
Տէրունական աղօթքով ու Արհի. Նշան Արք. Գարաքէհէեանի օրհնութեամբ վերջ գտաւ ` Կարդինալ Աղաճանեանի նուիրուած ` Յուշ Երեկոն:
Հայ կաթողիկէ Սրբոց Հրեշտակապետաց միացյալ հոգևոր ճեմարանի տեսչություն