Ամենապատիվ Տեր Ներսես Պետրոս ԺԹ Կաթողիկոս Պատրիարքը կոչ է անում մասնակցել Հռոմում մատուցվելիք Սբ. Պատարագին, 12 ապրիլի, 2015թ.
(հրապարակված է Հայ Կաթողիկե Պատրիարքարանի պաշտոնական կայքում՝ այստեղ)
Մեր Պատուական Եղբայրներուն՝ Արհի. Արհի. Արքեպիսկոպոսներուն, Եպիսկոպոսներուն, Գերապատիւ Վարդապետներուն, Յարգոյ Քահանաներուն, Սարկաւագներուն, Առաքինազարդ Կոյսերուն եւ Հաւատացեալ Ժողովուրդին:
Հայաստանաբնակ եւ աշխարհասփիւռ համայն հայութիւնը կը պատրաստուի 2015-ին բացառիկ միջոցառումներով նշելու Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցը։ Շրջադարձային դառնալու կոչուած այս հանգրուանը ամէն բանէ առաջ եւ ամէն բանէ վեր պէտք է հանդիսանայ արտայայտութիւնը մեր միասնականութեան, մեր միասնական ու աւելի կազմակերպուած աշխատանքին՝ որ մեր ազգային առաջնահերթութեանց առաջնահերթն է՝ ըլլալով նախապայմանը մեր համազգային առաջադրանքներուն կենսագործումին։
Մեր ժողովուրդը՝ միջազգային հանրութեան իր այս միասնականութեան վկայութիւնը տալու առիթը պիտի ունենայ իր զանգուածային ներկայութեամբ հայածէս սուրբ Պատարագին զոր Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին առիթով պիտի մատուցանենք Վատիկանի սուրբ Պետրոսի Պազիլիքային մէջ 2015-ի Ապրիլի 12-ին Ֆրանչիսկոս հայասէր Սրբազան Քահանայապետին նախագահութեամբ, Կարդինալներու դասին, Վատիկանի մօտ լիազօրագրուած օտար դեսպաններուն ներկայութեամբ եւ հռոմաբնակ հոգեւորականներու եւ հաւատացեալներու մասնակցութեամբ: Այս պատմական իրադարձութեան պիտի արձագանգեն միջազգային լրատուամիջոցները եւ ան իր վրայ պիտի հրաւիրէ միջազգային հանրութեան ուշադրութիւնը եւ պիտի հրահրէ անոր հետաքրքրութիւնը Հայ ժողովուրդին եւ Հայ Դատի մասին։
Վստահ ենք որ ձեր թեմերէն եւ ժողովրդապետական սահմաններէն ներս, լաւագոյն պատշաճութեամբ եւ խանդավառութեամբ պիտի քաջալերէք ձեր հաւատացեալները, բարեկամներն ու շրջապատը մասնակցելու յաւիտենական քաղաքին՝ Հռոմի մէջ տեղի ունենալիք պատմականօրէն յիշարժան այս մեծախորհուրդ արարողութեան, որուն պիտի յաջորդէ բացառիկ համերգ մը, որ պիտի հանդիսանայ ներբող մը Մեծ Եղեռնի Նահատակաց։ Մեր ժողովուրդին մեծաթիւ մասնակցութիւնը միաժամանակ պիտի զօրացնէ Հայոց ցեղասպանութեան զոհերուն իբրեւ հաւատքի նահատակներ սրբադասման մեր առաջադրանքը։
Ինչպէս Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցի մեր պատրիարքական յանձնախումբին կողմէ երկար ժամանակէ ի վեր առաջադրուած ծրագիրներուն գլխաւորը հանդիսացող վերոյիշեալ ձեռնարկներուն, նոյնպէս հայկական բոլոր հասարակութիւններէն ներս Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին նուիրուած միջոցառումներուն մեր ժողովուրդին գիտակից ու անվերապահ մասնակցութեամբ՝ վկայութիւնը պիտի տանք մեր հաւատարմութեան մեր մէկուկէս միլիոն նահատակներու հաւատքին եւ Քրիստոսի ու Ազգին հանդէպ անոնց անսասան սիրոյն։ Միաժամանակ պիտի վերահաստատենք մեր կառչումը աստուածայաղթ Արդարութեան, մարդկային անկորնչելի իրաւունքին ու արժէքներուն եւ յատկապէս նահատակութեան վսեմագոյն արժէքին, որմէ ծիլ առաւ եւ կ’ընձուղուի ահա վերակենդանացումը ու փառապանծ յարութիւնը Հայ Ազգին։
Հայրապետական օրհնութեամբ՝
† Ներսէս Պետրոս ժԹ. Կաթողիկոս Պատրիարք Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց
Տուեալ ի Կաթողիկոսական Աթոռոյն որ ի Զմմառ Յաւուր երեքտասաներորդի ամսեանն Նոյեմբերի յամի Տեառն 2014-ի Ի վեշտասաներորդում ամի Հայրապետութեան Մերոյ