Աստծոյ բծախնդիր մշակը
Զմմառու Ցաւագին Տիրամօր վանքէն սրտի խոր կսկիծով և յուզումով կը գուժենք Զմմառու Պատրիարքական Կղերի Միաբանութեան երէց անդամներէն՝ Հ. Գէորգ Ծ. Վրդ. Եղիայեանի անակնկալ վախճանումը, որ երկար ժամանակէ ի վեր կը տառապէր սրտի անհանգստութենէ: Հ. Գէորգ հանգեաւ ի Տէր, Հինգշաբթի 18 Ապրիլ 2019-ին, կ. ե. Աժալթունի Ս. Գէորգ հիւանդանոցին մէջ:
Կենսագրութիւն
1946-ին, Հ. Գէորգ Ծ. Վրդ. Եղիայեան ծնած է Հիւսիսային Սուրիոյ Գամիշլի քաղաքը: Սկզբնական ուսումը ստացած է իր ծննդավայրին մէջ: Փոքր տարիքէն՝ եկեղեցական ասպարէզին նուիրուելով, Զմմառու դպրեվանք կը մտնէ և ընծայարանի ուսումը աւարտելէ ետք՝ Զմմառու Պատրիարքական Կղերի Միաբանութեան անդամ կը դառնայ:
1966-ին, կը մեկնի Հռոմի Լեւոնեան Հայ Վարժարանը և կը յաճախէ Յիսուսեան Հայրերու «Գրիգորեան» Քահանայապետական համալսարանը, ուր իմաստասիրութեան ուսման կը հետեւի:
1973-ին, Պէյրութի Սէն Ժոզէֆ համալսարանին մէջ կը մասնագիտանայ Հայ Եկեղեցւոյ աստուածաբանութեան և գրականութեան մէջ:
1973-ին, կուսակրօն քահանայ կը ձեռնադրուի Գամշլի, ձեռամբ տեղւոյն վիճակաւոր՝ Յովսէփ Եպս. Ճաննանճեանի:
Սկզբնական շրջանին՝ պաշտօնավարած է Դամասկոս և այնտեղ «Փարոս և Լոյս» երկրորդական վարժարանը հիմնած է, որուն տնօրէնը եղած է 1973-1982 թուականները:
1984-1992 տարիներուն, Զմմառու Պատրիարքական Կղերի մայրավանքի Ընդհանուր Մատակարարի պաշտօն վարած է:
1992-ին, Երջանկայիշատակ Յովհաննէս Պետրոս ԺԸ. Գասպարեան Կաթողիկոսը զինք Մեսրոպեան վարժարանի տնօրէն և միաժամանակ Ս. ՓրկիչԵկեղեցւոյ ժողովրդապետ նշանակած է, ուր ան պաշտօնավարած է ամենայն բծախնդրութեամբ մինչեւ 2001: Այդ շրջանին է որ Մեսրոպեան վարժարանի համալիրը, մշակութասէր բարերարներու շնորհիւ՝ ամբողջութեամբ վերանորոգած է:
2001-2007 թ. Զմմառու Պատրիարքական Կղերի Միաբանութեան Պատրիարքական Փոխանորդի և Մայրավանքի Մեծաւորի պաշտօն վարած է: Այս շրջանին, բարերարներու նուիրատուութեան շնորհիւ՝ իր նախաձեռնութեամբ Զմմառու Միաբանութեան դպրեվանքը հիմնովին վերանորոգած է:
2009-2011-ին, Փոխ Ժողովրդապետ նշանակուած է Մոնթրէալի Հ.Կ. Եկեղեցւոյ:
Հանգուցեալ Գերյարգելին իր քահանայական առաքելութեան ընթացքին զանազան պատասխանատուութիւններ ստանձնած է. ընդ որս՝ Միջին Արեւելքի Եկեղեցիներու յանձնախումբի անդամ և այնուհետեւ Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ քարտուղար Արեւելեան Կաթողիկէ Պատրիարքներու միութեան մէջ:
1990-ին, Իգնատիոս Մալոյեանի երանացման դատի քարտուղար նշանակուած է:
1997-ին, Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ առաջին համագումարին՝ քարտուղարի օգնական եղած է:
1995-ին Հռոմի մէջ, Ս. Յովհաննէս Պօղոս Քահանայապետի հրաւէրով՝ մասնակցած է Լիբանանի Սիւնհոդոսին:
2002-էն ի վեր անդամակցած է Լիբանանի կրօնաւորական Միաբանութիւններու մեծաւորներուն:
2003-ին, ի յիշատակ Մեծ Եղեռնի զոհերուն, կանգնած է Զմմառու միաբաններուն յուշակոթողը վանքի մուտքին:
1982-ին, հիմնած է Պուրճ Համուտի «Հաւատք և Լոյս» միութիւնը, Յիսուսի փոքրիկ քոյրերուն համագործակցութեամբ:
Հոգելոյս վարդապետը իր հոգեւորական կեանքի վերջին հանգրուանին՝ 2011-ին, ստանձնած էր Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ և Ս. Եղիա Աթոռանիստ եկեղեցւոյ Աւագ ժողովրդապետի պաշտօնը և զայն կատարած ամենայն նախանձախնդրութեամբ:
Հ. Գէորգ գործօն հոգեւորական մը եղած է, և բազմաթիւ եկեղեցական բեմերէ և համալսարանական ամպիոններէն՝ կրօնագիտական քարոզներ, ճառեր և դասախօսութիւններ խօսած է: Հանգուցեալ Հ. Գէորգ հեղինակ է հայերէն թէ օտար բազմաթիւ գիրքերու՝ ինչպէս «Վանական Արձագանգներ», «Ճշմարտութեան Տեսլականով» եւլն:
Յուղարկաւորութեան և Թաղման կարգ
Վախճանեալ վարդապետին յուղարկաւորութեան և թաղման կարգը պիտի կատարուի յընթացս Հայրապետական Սուրբ և Անմահ Պատարագ նախագահութեամբ Ամենապատիւ եւ Գերերջանիկ Հոգեւոր Տիրոջ, Երեքշաբթի 23 Ապրիլ 2019-ին, կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-ին, Ս. Եղիա-Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Աթոռանիստ Եկեղեցւոյ մէջ: Ապա հանգուցեալին մարմինը պիտի ամփոփուի Զմմառու միաբանական դամբարանին մէջ:
Ցաւակցութիւնները կ’ընդունուին յուղարկաւորութենէն ետք եւ կը շարունակուին նոյն օրը կէսօրէ ետք՝ ժամը 16:00-էն 19:00: Ապա Չորեքշաբթի 24 Ապրիլին, ժամը 10:00-էն մինչեւ 13:00 եւ կէսօրէ ետք 14:00-էն 16:00, նոյն վայրին մէջ:
Խնկանուէր աղօթք և յաւիտենական հանգիստ լուսահոգի վարդապետին անմահ յիշատակին:
Զմմառ, 19 Ապրիլ 2019
ՈՉ ԵՒՍ Է
ՀԱՅՐ ԳԷՈՐԳ Ծ.Վ. ԵՂԻԱՅԵԱՆ՝
ԲԾԱԽՆԴԻՐ ԱՇԽԱՏԱՆՔԻ Տ ԻՊԱՐԸ
Ի՛նչ կարեւորութիւն ունի Հայր Գէորգ Եղիայեանին նման Հովիւի մը ծննդավայրը՝ Քամիշլի, ծննդեան (1946) կամ ձեռնադրութեան (1966) թուականները բոլոր անոնց համար՝ որոնք ականատես եւ ունկնդիր վկաները եղան անոր գործունէութեան իբրեւ Աստուծոյ ծառայ, Եկեղեցւոյ սպասաւոր, ժողովրդապետ, մեծաւոր, հոգեւոր ու կրթական մշակ, մշակոյթի գործիչ, բեմբասաց կամ մտաւորական։
Զինք ճանչցողներուն համար՝ Հայր Գէորգ ծ. վ. Եղիայեան՝ քահանան, եւ ի մէջ այլոց Մեսրոպեանի երբեմնի տնօրէնը եւ Զմմառու Տիրամօր Վանքի մեծաւորը, իրեն վստահուած ամէն առաքելութիւն, պարտականութիւն, պաշտօն կամ որեւէ աշխատանք ծայր աստիճան բծախնդրութեամբ, աւելին՝ արքայավայել շուքով եւ մակարդակով հետապնդող եւ իրագործող մարդու տիպարն էր։ Իրեն վստահուած ամէն աշխատանքի յաջողութեան համար ճիգ ու ջանք խնայել չգիտցող, ամէն դուռ բախել գիտցող, լաւագոյնին ձգտումով գործող անձնաւորութիւնն էր։ Ան՝ իրեն վստահուած աթոռը, ինչ բարձրութեան վրայ ալ ըլլայ, արժեւորել գիտցող մարդն էր։ Աթոռը չէ որ զինք կ’արժեւորէր, ընդհակառակը։ Գիտէր արժեւորել այն եզակի առիթները, տօնակատարութիւն կամ ամեակ, հոգեւոր, ազգային կամ ակադեմական նշում, որոնց մասին իր խօսքը ըսելու կը հրաւիրուէր։ Բեմբասաց էր։ Ան միաժամանակ գնահատել գիտէր Եկեղեցւոյ, Ազգին կամ մշակոյթի ծառայութեան նուիրեալները։ Անոր այս բարեմասնութիւններուն վկաները եղան ինծի պէս շատեր։
Մանաւանդ այդ շատերը այսօր կ՛ողբան գերյարգելի Գէորգ ծ.վ. Եղիայեանի կորուստը այնպիսի պահու մը երբ աւելի քան երբեք Եկեղեցին ու Ազգը կարիքը ունին իր նմաններուն։
Այսօր չի բաւեր խոնարհիլ անոր յիշատակին առջեւ, այլ պէտք է աղօթել եւ հայցել իր այնքան սիրած Զմմառու ցաւագին Տիրամօր բարեխօսութիւնը, որպէսզի ամէնազօր եւ ամէնախնամ Աստուած թափուր չձգէ աթոռը Եկեղեցւոյ ամէն սպասաւորի որ իր մօտ կը կանչէ։
ՍԱՐԳԻՍ ՆԱՃԱՐԵԱՆ